Երկրաշարժ Նախիջեւանի մօտ. ցնցումները զգացուած են նաեւ Վայոց Ձորի ու Սիւնիքի մարզերուն մէջ

2021-01-22
Image

21 Յունուարին, տեղական ժամանակով ժամը 23:23-ին (Գրինիչի ժամանակով ժամը 19:23-ին) ՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 39.50⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 45.52⁰ աշխարհագրական չափագրումներով՝ Նախիջեւան-Հայաստան սահմանային գօտի, Նախիջեւան քաղաքէն 33 քմ հիւսիս-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 3.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժ: Այս մասին յայտնած են ԱԻՆ-ը:

Կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 5 աստիճան:

Երկրաշարժը զգացուած է Վայոց ձորի մարզի Վայք, Եղեգնաձոր քաղաքներուն եւ Սիւնիքի մարզի շարք մը բնակավայրերուն մէջ՝ 3-4 աստիճան ուժգնութեամբ: