Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կարեւոր Աջակցութեան Առաջարկութիւնը «Իմ Քայլը» Բարեգործական Հիմնադրամին
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան առաջադրանքով, յատուկ պատուիրակութիւն մը, պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ «Իմ Քայլը» բարեգործական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնուհի Տիկին Աննա Յակոբեանի եւ հիմնադրամի պատասխանատու այլ պաշտօնատարներու հետ, Երկուշաբթի, Օգոստոս 19-ին, հիմնադրամի կեդրոնական գրասենեակին մէջ։ ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը կը բաղկանար Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկեր Ալեքսան Գարատանայեանէն եւ ՌԱԿ-ի Պենելուքսի երկրիներու (Պելճիքա, Հոլանատա, Լուքսեմպուրկ) պատասխանատու ընկեր Պօղոս Թէքէեանէն։
ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները ներկայացուցին Հոլանտայի մէջ ժամանակէ մը ի վեր կիրարկուող եւ լայն յաջողութիւն արձանագրած փորձառութիւնը, գաղթականներու եւ մարմնական կամ մտային այլազան կարիքներ ունեցող խումբերու օժանդակելու միտող, որ կ’ընդգրկէ ծրագիրներ, որոնց ընդմէջէն, անոնք նախ սպասարկման ոլորտի մէջ փորձ եւ հմտութիւններ ձեռք կը բերեն, ապա մայր ու զաւակ աշխատանքի կը տեղաւորուին տարբեր ճաշարաններու, ներառեալ «ընկերային ճաշարաններ»ու մէջ։ Անոնց մէջ կան տարբեր առանձնայատկութիւններ ունեցող շատ մը անձեր։ Ընկեր Պօղոս Թէքէեան, որ յիշեալ ծրագիրներուն մէջ մասնագիտացած է եւ կը գլխաւորէ զանոնք կիրարկող կազմակերպութիւն մը, ամբողջական պատրաստականութիւն յայտնեց, իր փորձառութեամբ, ամէն ձեւով օժանդակութիւն ցուցաբերելու, ներառեալ՝ ապահովումը արտասահմանեան նիւթական կարեւոր յատկացումներու։
Տիկին Յակոբեան նշեց թէ նման ծրագիրի մը գաղափարը ունի նաեւ «Իմ Քայլը» հիմնադրամը, որ կը նախատեսէ հիմնումը «Ճախրուկ» ընկերային սրճատան, ուր պիտի աշխատին ֆիզիքական եւ մտաւոր առանձնայատկութիւններ ունեցող երիտասարդներ։ Սակայն, Հայաստանի մէջ քիչ է թիւը այնպիսի մասնագէտներու, որոնք կարող են նման երիտասարդներու սորվեցնել ուտեստներ պատրաստել կան զանոնք մատուցել։ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները հաստատեցին թէ պատրաստ են ուղղակիօրէն աջակցելու նաեւ փորձի փոխանակման, ինչպէս եւ անհրաժեշտ մասնագէտներու պատրաստութեան հարցերուն։
Տիկին Յակոբեան յիշատակեց թէ երկու ծրագիրներուն մէջ կան շատ մը ընդհանրութիւններ եւ թէ Հայաստանի մէջ կիրարկելի ծրագրին մշակման եւ իրագործման ընթացքին շատ օգտակար կրնայ հանդիսանալ Հոլանտայի փորձը։ Առ այդ, որոշուեցաւ, ի մօտոյ, կրկին անգամ հանդիպիլ, աւելի առարկայական եւ մանրակրկիտ կերպով քննարկելու համար հետագայ համագործակցութեան բոլոր հնարաւորութիւնները։
Նկարին մէջ: Ձախին՝ ընկեր Ալեքսան Գարատանայեան եւ ընկեր Պօղոս Թէքէեան, աջին՝ Տիկին Աննա Յակոբեան – երկու գործակիցներու կեդրոնը