Թուրքիոյ մէջ արգիլած են 11-ամեայ «ըմբոստ» իսլամ աղջկայ մասին Netflix-ի ֆիլմի ցուցադրութիւնը

2020-09-04
Image

Թուրքիոյ մէջ արգիլած են 11-ամեայ «ըմբոստ» իսլամ աղջկայ մասին Netflix-ի ֆիլմի ցուցադրութիւնը:

Աւելի վաղ Netflix-ը համասեռամոլ կերպարի պատճառով հրաժարած է թրքական հաղորդաշարէն:

«Cuties» ֆիլմին մէջ 11-ամեայ իսլամ աղջիկը կը սկսի ըմբոստանալ իր պահպանողական ընտանիքի աւանդոյթներուն դէմ, երբ կը գերէ զինք ազատատենչ պարային խումբը:

Թուրքիոյ ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդի հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ այս ֆիլմը երեխաներու շահագործում եւ կոպիտ վերաբերմունք կը պարունակէ:

Թրքական ԶԼՄ-ներու հաղորդմամբ՝ եթէ Netflix-ը շարունակէ ֆիլմի ցուցադրութիւնը, ապա թոյլատւութեան արտօնագիրը կրնայ ժամանակաւորապէս դադարեցուիլ: