Իլհամ Ալիեւը կնոջ ու դստեր հետ Շուշի այցելած է (Լուսանկարներ)

2021-01-15
Image

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւան այցելած են Շուշի: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Նշենք որ կրակի դադարեցումէն ետք սա Ալիեւի առաջին այցն է Շուշի:

Ատրպէյճանի Հանրապետութեան առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւան Instagram-ի պաշտօնական իր էջին հրապարակած է քանի մը տեսագրութիւններ այցելութենէն:

Նշուած է, որ Ալիեւը դրած է Ֆիզուլի-Շուշի ճանապարհահատուածի, ինչպէս նաեւ Ֆիզուլիի մէջ օդակայանի կառուցման հիմնաքարը: