Հայաստանը այս գարնան ռուս զբօսաշրջիկներու նախընտրելի ուղղութիւններու տասնեակին մէջն է

2021-02-08
Image

Հայաստանը ընդգրկուած է այն երկիրներու տասնեակին մէջ, որոնք ռուս զբօսաշրջիկները կը նախընտրէին այցելել 2021-ի գարնան, կը հաղորդէ OneTwoTrip-ը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, ընկերութեան մասնագէտները վերլուծած են օգտատէրերու՝ 1 մարտէն մինչեւ 31 մայիսը օդանաւի տոմսերու որոնողական հարցումները:

Պարզուած է, որ առաւել մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ Մոսկուան (15 տոկոս):

Երկրորդ տեղը Սոչին է, ուր կը փափաքէր մեկնիլ իւրաքանչիւր տասներորդ հարցուողը։  Երրորդ հորիզոնականը կը զբաղցնէ Ս. Փեթերսպուրկը։

Բացի այդ, ցուցակին մէջ տեղ գտած են Սիմֆերոպոլը, Քրասնոտարը, Քալինինկրատը, Միներալնիէ Վոտին, Եկատերինպուրկը եւ Նովոսիպիրսկը:

Ռուսաստանցիները արտասահմանեան երկիրներէն առաջնութիւնը տուած են Թուրքիոյ (18 տոկոս)։  Ամենապահանջուած ուղղութիւններու եռեակին մէջ են ԱՄԷ-ն եւ Եգիպտոսը։  Յաճախ յաճախորդները կը ստուգեն նաեւ Մալտիւներ, Ուզպեքստան, ԱՄՆ, Ղազախստան, Կիպրոս, Հայաստան եւ Սերպիա տոմս գնելու հնարաւորութիւնները: