Հայ բժիշկները վիրահատած են Ատրպէյճանցի ռազմագերին

2020-10-16
Image

ՊԲ զինծառայողներու կողմէ գերեւարուած ատրպէյճանցի զինծառայողը վիրահատուած է հայ բժիշկներու կողմէ։ Инфотека24 փորթալի տրամադրութեան տակ յայտնուած են բուժհաստատութիւններէն մէկուն մէջ նկարահանուած քատրեր։

Յիշեցնենք, որ երէկ ընկերային ցանցերու վրայ  տեսանիւթ յայտնուած էր, ուր կ'երեւար գերութեան մէջ յայտնուած հայ տղամարդոց նկատմամբ ատրպէյճանական կողմի անմարդկային վերաբերմունքը։

Այս պատահարը կ'ապացուցէ երկու բանակներու, երկու ժողովուրդներու միջեւ տարբերութիւնը։ Ատրպէյճանաթրքական զինուորականները եւ անոնց վարձկան-ահաբեկիչները եկած են հայկական հող մէկ նպատակով՝ սպաննել, մաքրել տարածաշրջանը հայ բնակչութենէն, միաժամանակ Արցախը պատերազմ կը մղէ ոչ միայն ապրելու, այլեւ քաղաքակրութեան ու մարդկութեան արժէքներու պահպանման համար։