Հայ լրագրողը Պաքուի հալածանքին պատճառով պիտի չկարողանայ մասնակցիլ «Եւրօ 2020»ին

2021-06-09
Image

Լրագրող եւ մեկնաբան Նոբել Առուստամեանը հաւատարմագրում չէ ստացած առաջիկայ 2020 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան համար: Այս մասին յայտնած է յայտնի պլոկըր Վասիլի Ութքինը։

«Եթէ աշխարհի մէջ անասնական անարդարութիւն կայ, ապա ահա այն: Նոբել Առուստամեանն իրականութեան մէջ չաշխատիր Եւրօ 2020-ի մէջ: Ան հաւատարմագրուած չէ: Նոբելը հաւատարմագրուած չէ։ Քանի որ բոլոր երկիրներուն մէջ բոլոր տեղական կազմակերպչական կոմիտէները պէտք է կանաչ լոյս տան հաւատարմագրման համար:

Եւ Պաքուն արգելափակեց Նոբելի հաւատարմագրումը, որ, ի դէպ, ծնունդով Պաքուէն է: Ի՞նչ է սա, եթէ ոչ մարդուն մասնագիտական ​​գործունէութեամբ զբաղելու իրաւունքէն զրկել: Պաքուի մէջ Եւրօ 2020-ի կազմկոմիտէ, ընդունիր իմ սառէ նողկանքի ճառագայթները»,- գրած է Ութքինն իր թելեգկամեան ալիքի էջին:

Եւրօ-2020-ը պէտք է կայանար անցեալ ամառ, բայց «Քորոնա» ժահրային համաճարակի պատճառով մրցաշարը հետաձգուեցաւ 2021-ին։ Հանդիպումները տեղի պիտի ունենան 11 Յունիսէն 11 Յուլիսը: