Հոլանտան ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է AstraZeneca-ի օգտագործումը

2021-03-15
Image

Հոլանտայի կառավարութիւնը յայտարարած է, որ երկիրը երկու շաբաթով պիտի դադրեցնէ AstraZeneca ընկերութեան մշակած հակաքորոնաժահրային պատուաստանիւթի օգտագործումը, գրած է BBC-ն:


«Հիմնուելով նոր տեղեկատուութեան վրայ` դեղամիջոցներու կառավարման հոլանտական մարմինը (CBG) խորհուրդ տուած է մինչեւ հետաքննութիւն կատարելը, որպէս նախազգուշական միջոց, դադրեցնել AstraZeneca հակաքորոնաժահրային պատուաստանիւթի օգտագործումը», - ըսուած է կառավարութեան կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ:

Նշուած է, որ որոշում կայացուած է չօգտագործել AstraZeneca պատուաստանիւթը «յաջորդ երկու շաբթուան ընթացքին (մինչեւ 28  մարտը ներառեալ)»:

Իշխանութիւններու յայտարարութենէն ետք երկրի առողջապահական մարմինները որոշում կայացուցած են չեղեալ յայտարարել AstraZeneca-ով պատուաստումներու 43 հազար նշանակում:

Նշենք, որ աւելի վաղ Աւստրիոյ իշխանութիւնները նոյնպէս որոշում կայացուցած էին կասեցնել AstraZeneca պատուաստանիւթի խմբաքանակի օգտագործումը որպէս նախազգուշական միջոց պատուաստում ստանալէ ետք կնոջ մը մահուան եւ մէկ այլ անձի մօտ թրոմբի զարգացման պատճառով:

Էսթոնիան, Լիթվան, Լիւքսէմպուրկը եւ Լաթվիան հետեւած են Աւստրիոյ օրինակին: Դեղամիջոցի օգտագործումը դադրեցուցած են նաեւ Դանիան, Նորվեկիան, Իսլանտան, Պուլկարիան, Ռումինիան եւ Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը:

Նշենք, որ այս պատուաստը պատրաստուած է բրիտանա-շուէտական միացեալ ջանքերով: