Մահացած է ցեղասպանութիւնը վերապրած 106-ամեայ Ովսաննա Միրխանեանը

2021-04-16
Image

Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած 106-ամեայ Ովսաննա Միրխանեանը 14 ապրիլին, մահացած է։ Այս մասին յայտնած է Լենուղիի գիւղապետ Գեղամ Ղազարեանը։

NEWS.am-ը Ովսաննա Միրխանեանի պատմութեանն անդրադարձած էր 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Վերապրածները» նախագիծի շրջագիծէն ներս:

Ովսաննա Միրխանեանը ծնած էր 1915 թուականին, Պոլսոյ մէջ։ Անոր մեծցուցած էին տատիկն ու պապիկը։ Ընտանիքը կրցած է փրկուիլ, քանի որ զինուած թուրքերը, մտնելով իրենց տուն, կարծեր են, թէ քիւրտերու տուն մտեր են եւ հեռացած են։ Անկէ ետք ընտանիքը բնակութիւն հաստատած է Հալէպի մէջ։

1965 թուականին Ովսաննա Միրխանեանն իր ամուսնոյն՝ Կարապետի հետ, տեղափոխուած էր Հայաստան։ Ովսաննա Միրխանեանն ունէր երկու որդի եւ երեք դուստր։