Մարի Իզմիրլեան մանկատան մէջ «Քորոնա»ով 15 վարակակիրներ

2020-05-25
Image

Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատան մէջ 15 հոգիի մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնը՝ 6-ը աշխատակից եւ 9-ը՝ երեխայ։

«Արմէնբրես»–ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի մամուլի խօսնակ Սոնա Մարտիրոսեանը։

«Մարի Իզմիրլեան մանկատան մէջ 46 հոգի քննուած է։ Անոնցմէ 15-ին մօտ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւնը՝ 6 աշխատակից եւ 9 երեխայ։ Այս պահուն հաստատութենէն որեւէ մէկը հիւանդանոց չէ տեղափոխուած, քանի որ անոնց մօտ չկան ախտանշաններ։ Ե՛ւ աշխատողները, ե՛ւ երեխաները իրենց լաւ կը զգան»,- ըսած է Մարտիրոսեանը եւ աւելցուցած, որ երէկ չէ առաջի օր դայեակներէն մէկուն ջերմութիւնը բարձրացած է 37.6 աստիճան, որմէ ետք անոր անմիջապէս մեկուսացուցած են։

Նախարարի մամուլի խօսնակն ընդգծած է, որ այդ դայեակն այժմ կը գտնուը տունը, սակայն անոր քննութեան պատասխանը դեռ չկայ։

«Այսինքն, վստահ չենք, ի՞նք եղած է վարակման աղբիւրը, թէ՞ ոչ։ Դայեակի ջերմութիւնն այս պահուն 37.4 է»,- ըսած է Մարտիրոսեանը։

Մարի Իզմիրլեանի անուան մանկատան մէջ խնամք կը ստանայ 102 երեխայ։

«Որեւէ մէկը մուտքուելք չէ ունեցած, ոչ ոք ախտանիշ ունեցած է: Միայն այդ դայեակը իրեն վատ զգացած է», - ըսած է Սոնա Մարտիրոսեանը: