Տիգրանակերտցի հայ երգչուհին եւ անոր ամուսինը եւս փլատակներու տակ մնացած են
Թուրքիոյ մէջ, 6 փետրուարին, տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժի հետեւանքով փլատակներու տակ մնացած են նաեւ Տիարպէքիրի մէջ (Տիգրանակերտ) ապրող հայազգի երգչուհի Զիլան Տիգրիսը եւ իր ամուսինը։ Այդ մասին Akunq.net-ը տեղեկացած է տիգրանակերտցի հայ արուեստի գործիչ Ուտի Երուանդի դիմատետրեան գրառումէն։
«Աղբիւրի համաձայն՝ Զիլան Տիգրիսը եւ իր ամուսինը՝ Չաղտաշ Չանքաեան, դեռ չեն հանուած փլատակներու տակէն։ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը յոյս յայտնած է, որ անոնց ողջ եւ առողջ կը գտնեն եւ դուրս կը բերեն այնտեղէն»,–գրած է կայքը։
Զիլան Տիգրիսը ծնած է 1972 թ., Տիգրանակերտի մէջ: Ան հայկական ծագում ունի մօրական եւ հօրական կողմէ։
Հայազգի երգչուհին 2015 թ․ օգոստոսին մասնակցած էր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Արի տուն» ծրագրին, որու ծիրէն ներս ալ 85 հայերու հետ մէկտեղ այցելած էր Հայաստան։
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ 3 հայու մահուան դէպք յայտարարուած էր: Աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքով Մալաթիոյ մէջ զոհուած էին ազգութեամբ 2 հայեր, որոնք ամուսիններ էին: Անոնց երկու երեխաները կը գտնուէին հիւանդանոցը։ Այսօր մանկահասակ երեխաներէն մէկը հիւանդանոցին մէջ եւս մահացած է։