Ֆրանսիս Քիւրքճեան՝ «Տիոր»ի անուշահոտերու բաժնի տնօրէն

2021-10-14
Image

Ֆրանսական յայտնի Christian Dior Parfums-ին ստեղծագործական նոր տնօրէն նշանակուած է հայազգի Ֆրանսիս Քիւրքճեանը: Այս մասին Քիւրքճեան յայտնած է Instagram-ի իր էջով:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է՝ միանալ Christian Dior Parfums-ին՝ օծանելիքի տան, որ ունի ոգեշնչող պատմութիւն եւ ստեղծագործական ոգի, վստահօրէն ձգտող դէպի ապագայ: Այսօր ես ուրախ եմ, որ պիտի կարողանամ կեանքի կոչել իմ տեսլականը, իմ բուրումնաւէտ ստեղծագործութիւններով՝ միեւնոյն ժամանակ շարունակելով ստեղծագործել իմ սեփական օծանելիքի տան համար, ինչ որ մեծ առաւելութիւն է», նշած է Քիւրքճեան: 

Ֆրանսիս Քիւրքճեան ծնած է 1969-ին Փարիզ։ Անոր նախնիները Արեւմտեան Հայաստանէն են եւ Ցեղասպանութեան ժամանակ բռնած են գաղթի ճամբան եւ հասած Հալէպ, ապա հաստատուած Ֆրանսա: 

25 տարեկանին ստեղծած է իր առաջին աշխատանքը՝ «Le Mâle»-ը, Ժան Փօլ Կոթյէի պատուէրով: Այդ օծանելիքի սրուակը անձամբ ձեւաւորած է Ժան Փօլ Կոթյէն։ 

Ֆրանսիս Քիւրքճեան աւելի քան հարիւր օծանելիքի եւ բոյրերու հեղինակ է։