2000-էն աւելի կամաւոր արձագանգած է Առողջապահութեան նախարարութեան կոչին

2020-03-18
Image

Առողջապահութեան նախարարութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ, «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեան վերաբերեալ տարատեսակ միջոցառումներ իրականացնելու նպատակով, կամաւորներու հաւաքագրման յայտարարութեան ազդու ու սրտցաւ արձագանգին համար:

Արդէն իսկ գրանցուած են 2000-էն աւելի մարդ, յայտնելով իրենց պատրաստակամութիւնը նախարարութեան աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուելու:

Այսպիսով, ներկայիս ունինք կամաւորներու բաւարար տուեալներ, որու համար ժամանակաւորապէս կը դադրեցնենք նոր կամաւորներ ընդգրկելու մեր խնդրանքը, կը յայտնեն Առողջապահութեան նախարարութենէն: