Ըստ Լաւրովի Սիւնիքի հարցը կարգաւորուած է

2021-05-17
Image

 Ռուսաստանեան «Ռիա Նովոսթի» ծառայութեան հաղորդմամբ Սիւնիքի հարցով  պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է։

 

Այս մասին այսօր խօսած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարար  Սէրկէյ Լաւրով։

 

 Ռուս պաշտօնեան մասնաւորապէս ըսած է, «Այնտեղ ո՛չ մի կրակոց, կամ   բախում եղած է։ Նստած  են, խօսած  եւ հանգիստ  կերպով պայմանաւորուած ինչ ընել, որպէսզի  լիցքաթափեն իրավիճակը։ Մեզ խնդրած են աջակցիլ եւ մեր զինուորականները աջակցութիւն ցոյց տուած են» ըսած է Լաւրով։

 

 Լաւրով նաեւ դիտել տուած է, որ ոչ մէկ պատճառ չկայ զգացումները աւելիով սրելու համար։

 Նշենք, որ Լաւրովի այս յայտարարութիւնները հնչած են Սիերա Լէոնի արտգործնախարար Տէյվիտ Ճոն Ֆրենսիսի հետ  եղած  բանակցութիւններու աւարտին տրուած  միացեալ մամլոյ ասուլիսի ատեն։