ԶՈՒ ստորաբաժանումները կ՛ոչնչացնեն Տաւուշի սահմանամերձ բնակավայրերը հրետակոծած ատրպէյճանական յենակէտերը

2020-07-14
Image

Հայկական Զինուած ուժեր հարուածած եւ ոչնչացուցած են հակառակորդի յենակէտերը: Այս մասին գրառում մը կատարած է ՀՀ ՊԲ մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

Ստեփանեան մասնաւորապէս գրած է. «ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կ՛ոչնչացնեն Տաւուշի սահմանամերձ բնակավայրերը հրետակոծած ատրպէյճանական յենակէտերը:

Յ․Գ․ վերջը ուշադիր նայեցէք
Յ․Գ․ նոր տեսանիւթերը՝ առաջիկային»:

Յիշեցնենք, որ անցեալ կիրակի օրէն սկսեալ Ատրպէյճան խախտած է հայկական սահմանը եւ փորձած ներթափանցում կատարել: Հայկական սահմանապահ ուժերը կանխած էին եւ պատասխան կրակով կասեցուցած ատրպէյճանեան հերթական սադրանքը:

Հայկական կողմը զոհեր չէ ունեցած: