«Գերատեսչութիւնը ջանք չի խնայելու զինծառայութեան, մարտական հերթապահութեան կրման պայմանները բարելաւելու համար». Սուրէն Պապիկեան

2023-03-24
Image

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այսօր այցելած է մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զօրամասի ստորաբաժանումներէ մէկու մշտական տեղակայման վայր։ Տեղեկութիւնը յայտնած է գերատեսչութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Նախարարը ներկայ գտնուած է մարտական հերթափոխի համար շարուած անձնակազմը մարտական դիրքեր ճանապարհելու արարողութեան:

Ան իր ելոյթին մէջ անվտանգ ծառայութիւն մաղթած է հերթափոխի մեկնող զինծառայողներուն` վստահեցնելով, որ գերատեսչութիւնը ջանք պիտի չխնայէ զինուորական ծառայութեան, մարտական հերթապահութեան կրման, զինծառայողներու ընկերային պայմանները բարելաւելու համար: