«ԼՂ կարգավիճակի որոշման հարցը դժուար թէ առաջ յաջողի ներկայ իրավիճակին մէջ. այն կը յետաձգուի աւելի լաւ ժամանակներու». Կոնստանթին Զատուլին

2021-01-13
Image

Ռուսաստանի Պետական Տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական ինթեկրման (համարկումի) եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնսատանթին Զատուլինը «Կոմսոմոլսկաիա պրաւտա» ռատիոկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է նախօրէին Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու միջեւ կայացած բանակցութիւններու արդիւնքներուն եւ վերլուծած տարածաշրջանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, մասնաւորապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը:

Քաղաքական գործիչի խօսքով՝ այն պահուն, երբ առաջնահերթ պէտք էր դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը որոշելու պահը չէր: «Այդ հարցը այս հանդիպումէն ետք ալ լուծուած չէ, անոր անդրադարձ ալ չէ եղած»,- ըսած է Զատուլինը՝ յիշեցնելով, որ սկիզբէն ալ ԼՂ կարգավիճակի հարցը եղած է պատերազմի եւ բանակցութիւններու պատճառը:  

«ԼՂ կարգավիճակի որոշման հարցը դժուար թէ առաջ երթայ ներկայ իրավիճակին մէջ, Հայաստանի այս դրութեան պարագային, երբ անոր դիրքորոշումները կասկածի կ'ենթարկուին նախեւառաջ նոյն Հայասատանի մէջ: Անկասկած, Ատրպէյճանը, յաղթանակով թեւաւորուած, այսօր պատրաստ չէ որեւէ փոխզիջման երթալու կարգավաիճակի հարցի շուրջ… Այսինքն՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը, որ այնուամենայնիւ ամենագլխաւորն է, այսօրուայ դրութեամբ դեռ կը յետաձգուի աւելի լաւ ժամանակներու»,- աւելցուցած է ՌԴ պատգամաւորը:   

Յիշեցնենք, որ Վլատիմիր Փութինի, Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի եռակողմ հանդիպումը կայացած է նախօրէին, Քրեմլի մէջ: Եռակողմ հանդիպման հետեւանքով պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է տնտեսական ուղիներու բացման նպատակով աշխատանքային խումբ ստեղծելու վերաբերեալ, որ մարտի մէկին երկիրներու ղեկավարներուն պիտի ներկայացնէ տարածաշրջանին մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիրը: Հանդիպման աւարտին Նիկոլ Փաշինեանը շեշտած է, որ կողմերը չեն յաջողած կարգաւորել ռազմագերիներու փոխանակման խնդիրը, ինչպէս նաեւ քննարկել Արցախի կարգավիճակին առնչուող հարցը: