«Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները պիտի չմասնակցին 44-օրեայ պատերազմի Քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքներուն

2022-02-11
Image

«Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները որոշում կայացուցած են չմասնակցիլ իշխանութիւններուն ստեղծած Քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքներուն:

Այս մասին կ'ըսուի ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու համատեղ յայտարարութեան մէջ:

Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ ստեղծուած է քննիչ յանձնաժողով՝ 2020 թուականի Սեպտեմբերի 27-ին սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով։