«Մարտի 1»ի գործով Փաշինեանն արդարացուեցաւ

2022-04-08
Image

Վճռաբեկ դատարանը, նախագահութեամբ դատաւոր Համլետ Ասատրեանի, քիչ առաջ հրապարակեց որոշում, որով բեկանեց Փաշինեանի վերաբերեալ 2010 թուականին կայացուած դատավճիռը․ «Վճռաբեկ բողոքը բաւարարել, Վճռաբեկ դատարանի 2010 թուականի Ապրիլի 30–ի որոշումը նոր հանգամանքի հիմքով վերանայել: Նիկոլ Վովայի Փաշինեանի վերաբերեալ ՔՕ 225 յօդուածի առաջին մասով առաջին ատեանի 2010 թուականի Յունուարի 10–ի դատավճիռը եւ Քրէական վերաքննիչ դատարանի 2010 թուականի Մարտի 9–ի որոշումը բերակնել Նիկոլ Փաշինեանին ՔՕ 225–րդ յօդուածի 1–ին մասով ճանաչել անմեղ եւ արդարացնել»:

Յիշեցնենք` 2008 թուականի արիւնալի իրադարձութիւններէն յետոյ Փաշինեանը 2010-ին դատապարտուած էր 7 տարուայ բանտարկութեան` զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու համար:

ՀՀ գլխաւոր դատախազը վճռաբեկ բողոք ներկայացուցած էր` հիմք ընդունել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռը, մեկնելով անկէ, որ ՄԻԵԴ–ը ամիսներ առաջ կայացուցած էր վճիռ, որուն մէջ արձանագրած էր, որ 2008-ի յետընտրական արիւնալի  իրադարձութիւններուն ժամանակ խախտուած են Փաշինեանի ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղ հաւաքներ կատարելու իրաւունքները: