«Մէկամոլ»ի ահազանգը կեղծ էր. Որոնման աշխատանքները աւարտած են

2020-07-06
Image

«Մէկամոլ  Ամենիա» առեւտուրի կեդրոնին մասին հնչած ահազանգը կեղծ էր. այս մասին լուրը կը հաղորդէ  «Շանթնիւզ» կայքը, որ յղում կատարած է Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեան պատասխանատուներուն։

Աղբիւրը նաեւ  յստակացուցած է, որ կեդրոնին մէջ որոնողական աշխատանքները հասած են իրենց լրումին եւ ամէն ինչ  բնականոն հունի մէջ է:

Յիշեցնենք, որ Նշենք, որ  այսօր 6 ժամը 13։30-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ոստիկանութենէն տեղեկութիւն ստացուած է, որ համացնացային հարթակի վրայ հաղորդագրութիւն տարածուած է, որ Երեւանի «Մեկամոլ Արմենիա» առեւտուրի կեդրոնի 1-ին եւ 2-րդ յարկերուն վրայ ռումբեր տեղադրուած են, որոնք պիտի պայթին ժամը 13։50-ին։

Դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ, եւ փրկարարական ուժերու վարչութեան յատուկ նշանակութեան փրկարարական աշխատանքներու իրականացման կեդրոնի փրկարարական, հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի դաշտային խումբեր։