«Պատիւ ունեմ» դաշինքը կը վերցնէ պատգամաւորական մանտաթները

2021-07-21
Image

«Պատիւ ունեմ» դաշինքը որոշում կայացուցած է վերցնել պատգամաւորական մանտաթները։ Այս մասին ՀԺ-ին յայտնած է դաշինքի մամուլի խօսնակ Սոս Յակոբեանը: «Գիտէք, որ ինքնաբացարկների ժամկէտն այսօր է՝ մինչ 18:00, սակայն ինքնաբացարկներ չեն սպասուում, ամէն դէպքում, այդպիսի որոշում չունենք»: 

Հարցին՝ որոշում կա՞յ, թէ ով պիտի ըլլայ խմբակցութեան ղեկավարը, ո՞րուն պիտի առաջադրեն ԱԺ փոխխօսնակի պաշտօնին, Յակոբեանն ըսած է, որ այս թեմաներով քննարկում դեռ չեն ունեցած: 

Նշենք, որ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը ԱԺ-ի մէջ պիտի ունենայ 7 պատգամաւոր: Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով ներկայացուցած համամասնական ցուցակի՝ «Պատիւ ունեմ» դաշինքը Ազգային ժողովի մէջ պիտի ներկայացնեն ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանը, Երեւանի նախկին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանը, ՀՀԿ-ական Աննա Մկրտչեանը, Վերահսկիչ պալատի նախկին նախագահ Իշխան Զաքարեանը, ՀՀԿ երիտմիութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեանը, «Իմ քայլը» խմբակցութեան նախկին անդամ Թագուհի Թովմասեանը եւ Արցախի նախագահի նախկին խորհրդական, ռազմական փորձագէտ Տիգրան Աբրահամեանը։