«Սուրմալու»ի պայթումի հետեւանքով անհետ կորսուած քաղաքացիներէն մէկը նոյնականացուած է

2022-08-22
Image

Անհետ կորսուած համարուող քաղաքացիներէն մէկը նոյնականացուած է։ Մահացած քաղաքացին Գագիկ Կառլէնի Կարապետեանն է։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին գրած է Արտակարգ իրավիճակներու նախարարի խօսնակ Հայկ Կոստանեան:

«Որոնողափրկարարական աշխատանքների արդիւնքում յայտնաբերուել է 16 քաղաքացու մարմին, բոլորը նոյնականացուած են»,- գրած է Կոստանեան:

Յիշեցնենք, որ 14 Օգոստոսին Երեւան քաղաքի հիւանդանոցներ դիմած են 63 քաղաքացի, որոնցմէ 3-ը կը շարունակեն բուժում ստանալ, իսկ մնացածը, ստանալով համապատասխան բուժօգնութիւն, դուրս գրուած են։

Տակաւին անհետ կորսուած կը համարուի 1967 թ. ծնունդ Վանիկ Խաչիկի Ամիրխանեանը։

Աղէտի վայրին մէջ յայտնաբերուած է 16 քաղաքացիի դի:

Փրկարարները փլատակներէն դուրս բերած են 10 տուժած։