«Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած է նախկին նախարար Սերգօ Կարապետեանը

2021-02-18
Image

«Քորոնա» ժահրէն մահացած է 2010-2016 թուականներուն գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնը զբաղցուցած Սերգօ Կարապետեանը։ Ան կը գտնուէր «Նայիրի» բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժինը:

Սերգօ Կարապետեանը ծնած է 1948 թուականի 6 օգոստոսին քաղաք Արտաշատի մէջ (Արարատի մարզ): Աւարտած է Հայկական գիւղատնտեսական հիմնարկը: 1965 -1972 թուականներուն աշխատած է «Արտաշատի պահածոներու գործարանը»՝ զբաղցնելով տարբեր պաշտօններ, 1972-1986 թուականներուն եղած է Արտաշատի պահածոներու «Սովխոզ» գործարանի գլխաւոր ճարտարապետը: 1986-1987 թուականներուն աշխատած է Ազատի լիասիսթեմ ֆորելային տնտեսութեան մէջ՝ որպէս տնօրէն: 1987-1995 թուականներուն եղած է Արտաշատի պահածոներու «Սովխոզ» գործարանի գլխաւոր տնօրէնը, այնուհետեւ մինչեւ 2011-ը՝ «Արտաշատի պահածոներու գործարան» ընկերութեան նախագահը եւ գլխաւոր տնօրէնը: 2010-2016 թուականներու ընթացքին զբաղցուցած է ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնը: