«2023ը պէտք է լինի սխալների խմբագրման, բանակի ողնաշարը շտկելու տարի». ՊՆ

2023-02-01
Image

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան այսօր այցելած է N զօրամաս՝ հետեւելու օրուան կարգացուցակով սահմանուած ծառայութեան կազմակերպման։

Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ նման այցերը պիտի ըլլան շարունակական, պիտի կրեն նաեւ անակնկալ բնոյթ։

«Յանկարծակի այցերի նպատակն է տեղում ծանօթանալ ծառայութեան կազմակերպման ընթացքին, զինծառայողների կարգապահութեան եւ բարոյահոգեբանական վիճակին, սոցիալ-կենցաղային պայմաններին, առաջնագծի կահաւորմանն ու իրականացուող շինարարական աշխատանքների ընթացքին։

Ծառայութեան նկատմամբ անտարբեր վերաբերմունք, ոչ կանոնադրային փոխյարաբերութիւններ, կարգապահութեան ոչ բաւարար մակարդակ, այսպիսի եւ այլ թերութիւններ նկատուելու դէպքում պատասխանատուները պատժուելու են։

2023 թուականը պէտք է լինի սխալների խմբագրման, քրտնաջան աշխատանքի եւ բանակի ողնաշարը շտկելու տարի»,- ըսուած է ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ: