Ազգային Ժողովէն ներս մեկնարկած է արտահերթ նիստ. օրակարգը Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններն են

ՀՀ ազգային ժողովէն ներս մեկնարկած է իշխանական պատգամաւորներու նախաձեռնած արտահերթ նիստը: Նիստի օրակարգին ընդգրկուած է մէկ հարց:
Պատգամաւորները պիտի քննարկեն «Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը: Նախագիծի համահեղինակներն են Արման Բաբաճանեանը, Սերկէյ Բագրատեանը, Վահագն Յովակիմեանը եւ Համազասպ Դանիէլեանը:
Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւնները կը կատարուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ: Հայաստանի մէջ ընտրություններ ծրագրուած են 20 յունիսին: