Ազգային ժողովի առաջին նիստը` 26 Յուլիսին

ՀՀ 8-րդ գումարման Ազգային ժողովը իր անդրանիկ նիստը պիտի գումարէ 26 Յուլիսին: Այս մասին ըսած է ՀՀ Արդարադատութեան նախկին նախարար Գէորգ Դանիէլեանը:
«Յուլիսի 26-ին նիստ կը հրաւիրեն, քանի որ նրանք առաջադրել են վարչապետի թեկնածու, նախագահը կը ստորագրի, արդէն կը սկսեն նրանք ընտրել ԱԺ նախագահ, տեղակալներ եւ այլն»,-ըսած է ան:
Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է 71 մանտաթ, «Հայաստան» դաշինքը` 29, «Պատիւ ունեմ» դաշինքը` 7։
Նշենք, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած էր 658 761 ձայն կամ ընտրողներու ձայներու 53,91%–ը, «Հայաստան» դաշինքը ստացած է 269 481 ձայն կամ 21,09%–ը, «Պատիւ ունեմ» դաշինք` 66 650 քուէ կամ 5,22%։
Յիշեցնենք` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցած էին 21 կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք։
Կուսակցութիւններու համար անցողիկ շեմը 5 տոկոս է, դաշինքներու համար՝ 7 տոկոս։
Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը, 17 Յուլիսիսն, ուժի մէջ թողեց ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններու վերաբերեալ ԿԸՀՅ որոշումը:
Յիշեցնենք՝ քաղաքական 4 ուժեր՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքները, ինչպէս նաեւ «Զարթօնք» եւ «Հայոց Հայրենիք» կուսակցութիւնները, դիմած էին ՍԴ՝ վիճարկելու Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած՝ ընտրութիւններու վերաբերեալ վերջնական արդիւնքները։