Ազնիւ եւ արդար կառավարումը կարող է փոխել իրավիճակը, յաղթահարել հիասթափութիւնը. ՀՀ նախագահ

2021-08-03
Image

Օգոստոս 2-ին մեկնարկեցին Հայաստանի 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի աշխատանքները:

Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման առաջին նստաշրջանը սկսաւ տէրունական աղօթքով, զոր հնչեցուց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս՝ Գարեգին երկրորդը:

Ապա նախագահ Արմէն Սարգսեան առաջին նիստի առիթով շնորհաւորեց խորհրդարան անցած պատգամաւորները եւ մաղթեց յաջողութիւն եւ արդիւնաւէտ աշխատանք:

«Ձեզ հնարաւորութիւն է ընձեռուել նախ մշակել, ապա իրականացնել ապագային միտուած իրական, ռազմավարական ծրագրեր: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներն ակնկալում են, որ կը գտնուեն առկայ խնդիրների լուծումները եւ կը դրսեւորուի կամք՝ Հայաստանն ուղղորդելու դէպի զարգացում, դէպի ապագայ: Այդ ապագան պէտք է կերտուի ուժեղ, հաւասարակշռուած եւ առաջադէմ պետութեան տեսլականի շուրջ: Ապագան առանձին վերցրած մեզնից որեւէ մէկի կամ առանձին կուսակցութեան շահերը չեն, ապագան մենք ենք՝ որպէս մէկ ամբողջութիւն», - ըսաւ նախագահը։

Պէտք է ամէն ինչ ընել՝ պաշտպանելու եւ պահպանելու Հայաստանի պետականութիւնը, յայտարարեց Արմէն Սարգսեան՝ շեշտելով, որ արդիւնաւէտ կառավարման էութիւնը նախ ազնիւ եւ պատասխանատու ըլլալն է:

«Նախեւառաջ պէտք է լինել ազնիւ եւ պատասխանատու։ Ցանկալին որպէս իրականութիւն ներկայացնելու փորձերը, Ամբոխավարութիւն եւ ժողովրդականութիւնը ճանապարհ են դէպի փակուղի: Պէտք է ազնիւ, բաց եւ ուղիղ խօսենք առկայ խնդիրների մասին, սթափ եւ սառնասրտօրէն գնահատենք մեր իրական հնարաւորութիւնները, խիզախութիւն ունենանք ընդունել մեր թերութիւնները եւ սխալները եւ պատասխան տանք դրանց համար: Իւրաքանչիւրս պէտք է պատասխանատու զգայ իրեն՝ մեր երկրի, մեր պետականութեան ապագայի համար: Միայն ազնիւ եւ արդար կառավարումը կարող է փոխել իրավիճակը, յաղթահարել հիասթափութիւնը, լաւատեսութիւն սերմանել, վերականգնել եւ ամրապնդել կապը քաղաքացու եւ պետութեան միջեւ», - ըսաւ նախագահը:

Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ եկած է ժամանակը ունենալու պետութիւն, որ ամենայն պատասխանատուութեամբ կը կատարէ իր հիմնական գործառոյթները, անոնց կարգին՝ սահմաններու եւ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջութեան պաշտպանութիւնը, Արցախի հիմնահարցի արդար լուծումը, տնտեսութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի զարգացումը, արժանապատիւ կենսամակարդակի ապահովումը, մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու երաշխաւորուած պաշտպանութիւնը, քաղաքացիական համերաշխութեան ապահովումը։
«Նախագահի աշխատակազմը պատրաստ է իր սահմանափակ սահմանադրական հնարաւորութիւնների շրջանակում գործնական յստակ ներդրում ունենալ բովանդակալից պետութեան կառուցման մէջ, պետութիւն, որն իր վրայ կը վերցնի ազգը դէպի ապագայ առաջնորդելու պատասխանատուութիւնը», - եզրափակեց նախագահը։
 

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ պատգամաւորներու երդմնակալութեան արարողութիւնը։