ԱԺ-ն մերժեց Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնանկութեան հարց բարձրացնելու առաջարկը

2020-09-17
Image

ԱԺ-ն մերժեց «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան առաջարկը՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետագայ պաշտօնավարման հարցը վարչապետի քննարկման առաջարկելու մասին: Նախագիծն ԱԺ-ի կողմէ մերժուեցաւ 35 կողմ, 84 դէմ ձայներով:

ԼՀԿ ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի հարցին, թէ ինչո՞ւ նախարարը ներկայ չէ, ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը յայտնեց․ «Ես ըսեր եմ, որ գալու կարիք չկայ՝ հարցի որեւէ լուծման պարագային: Որեւէ պարագայի նախարարին այս սեպտեմբերեան օրերուն գործէն կտրելն իմ պատասխանատւութեամբ համարեր եմ ոչ նպատակայարմար»,-ըսած է Միրզոյեանը: