Ալեն Սիմոնեանն ընտրուած է Ազգային ժողովի նախագահ

Փակ գաղտնի քուէարկութեամբ 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահ ընտրուած է Ալեն Սիմոնեանը։ Ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպ՝ Ալեն Սիմոնեանը ստացած է 71 ձայն, Մխիթար Զաքարեանն ու Արթուր Սարգսեանը ձայներ չեն ստացած։
Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորները չեն մասնակցած քուէարկութեան:
Նշենք, որ առաջին փորձէն ԱԺ նախագահ չէր ընտրուած։ Ընտրութեան մեկնարկը յայտարարելէ կարճ ժամանակ անց ԱԺ հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Նարեկ Բաբայեանը տեղեկացուցած էր, որ քուէարկութիւնը պիտի դադրեցնեն վերսկսելու նպատակով: Պատճառը քուէաթերթիկին մէջ թեկնածուներէն մէկու անուան մէջ տեղ գտած տառասխալն էր: