Ալիեւ. «Զանգեզուրի միջանցքն անպայման պիտի բացուի»

2023-01-03
Image

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ «Զանգեզուրի միջանցքն անպայման պիտի բացուի՝ Հայաստանը ուզէ, թէ չուզէ»:
«Զանգեզուրի միջանցքի բացման հետ կապուած լայնածաւալ աշխատանքներ կը տարուին, կը կառուցուին երկաթուղիներ եւ մեքենանաերու ճանապարհներ։

Զանգեզուրի միջանցքն անպայման պիտի բացուի՝ Հայաստանը ուզէ, թէ չուզէ: Մենք ցոյց կու տանք մեր կամքի անսասանութիւնը, ամէն ինչ կ'ընթանայ ըստ ծրագրուածի։ Մեր պահանջը հիմնաւոր է եւ արդար։ Մենք պիտի ունենանք կապ Ատրպէյճանի հիմնական մասի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ»,- Ամանորեայ ուղերձին մէջ ըսած է Իլհամ Ալիեւ։