ԱՄՆ Սենատէն ներս կը պահանջեն Ատրպէյճանը պատասխանատւութեան ենթարկել՝ ՀՀ–ի դէմ յարձակման համար

2022-12-02
Image

Ատրպէյճանն իր ռազմական յանցագործութիւններուն համար պէտք է պատասխանատւութեան ենթարկուի, իսկ հայերու դէմ յարձակումը յստակօրէն պէտք է դատապարտուի։ Այսօր այս մասին յայտարարած են ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի ներկայացուցիչներն արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի նիստի ժամանակ։ 

Նշենք, որ ԱՄՆ Ծերակոյտին մէջ տեղի կ'ունենան Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի հաստատման լսումները։

Յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսն անհանգստութիւն յայտնած է, որ Պետական բաժանմունքի պաշտօնեաները վերջերս կը խուսափին Ատրպէյճանի կողմէ հայ գերիներու սպանութիւնն ու անդամահատումը պատկերող տեսանիւթերու վերաբերեալ հարցումներէն:

«Անհրաժեշտ է, որ մեր դեսպանները, յատկապէս հակամարտութիւններու վայրերուն մէջ, կարողանան հետամուտ ըլլալ իրականութեան, որպէսզի մենք՝ որպէս քաղաքականութիւն մշակողներ, կարողանանք որոշել`ինչ ընել այդ ճշմարտութեան հետ»,- յայտարարած է ծերակուտականը:

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանի թեկնածու Քրիսթինա Քուիէնը խոստացած է ընել ամէն ինչ՝ այս տեսանիւթերով պատկերուած վայրագութիւնները փաստագրելու համար։

Բայց այս խոստման ի պատասխան Մենենտեսն ըսած է, որ հայերէն խնդրանքներ պէտք չէ սպասել, պէտք է նախաձեռնող ըլլալ։

«Ծերակուտականներուն անհրաժեշտ են փաստեր ատրպէյճանական ռազմական յանցագործութիւններու եւ յարձակումներու մասին, երբ որոշում կը կայացնեն կիրառելու 907-րդ յօդուածի սահմանափակումները՝ Ատրպէյճանին ԱՄՆ օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ»,– նշած է ծերակուտականը:

Ծերակուտական Վան Հոլընը նշած է, որ պատասխանատւութեան ենթարկելը չափազանց կարեւոր է։ Ան իր անհանգստութիւնը յայտնած է, որ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով պետական քարտուղարի օգնական Քարեն Տոնֆրիտը եւ Պետական բաժանմունքի Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը վերջին յարձակումներէն յետոյ հրաժարած են Ատրպէյճանը որպէս յարձակող ճանչնալ:

«Սեպտեմբերին մամուլով փաստագրուած է, որ Ատրպէյճանը յարձակումներ գործած է եւ տարբեր տեսակի վայրագութիւններ կատարած: Ես կը հասկնամ միջնորդ ըլլալու կարեւորութիւնը, բայց վստահելի միջնորդ ըլլալու համար, իմ կարծիքով, դուք պէտք է գոնէ սկսիք փաստերէն եւ պատրաստ ըլլաք ատոնք հրապարակայնօրէն յայտարարել», - ըսած է ծերակուտական Վան Հոլընը:

Նշենք, որ ծերակուտականները մէկ շաբաթ ժամանակ ունին դեսպաններու թեկնածուներուն լրացուցիչ հարցեր ներկայացնելու համար, որմէ յետոյ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը, իսկ աւելի ուշ՝ Ծերակոյտի ամբողջական կազմը, հնարաւորութիւն կ'ունենան հաստատելու թեկնածուները։