Այդ սպառնալիքներու պայմաններուն տակ իրականացուած սադրիչ գործողութեան հետեւանքներուն ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը. ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ

2020-07-13
Image

Հայաստանը խստօրէն կը դատապարտէ Յուլիս 12-ի կէսօրին սկսած ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ ՀՀ Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ հրադադարի խախտումները, որոնք ուղեկցուած են դէպի հայկական դիրքեր ներթափանցման փորձերով եւ հրետանիի կիրառումով։ Հայկական կողմի համարժէք գործողութիւններուն շնորհիւ՝ արդիւնաւէտօրէն կը զսպուին այս սադրիչ գործողութիւնները: Այս մասին ֆեյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ ԱԳ նախարարի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը:

«ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը, ՀՀ վարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի հետ համակարգումով, մշտական կապի մէջ է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի հետ՝ ներկայացնելով իրադրութիւնը տեղւոն վրայ եւ անոր յետագայ սրման վտանգները:

Վերջին ժամանակաշրջանին ատրպէյճանական կողմը, հակառակ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու՝ սադրիչ գործողութիւններէն, թշնամական հռետորաբանութենէ զերծ մնալու եւ հրադադարը ամրապնդելու կոչերուն, շարունակաբար հանդէս կու գայ ուժի կիրառման եւ ռազմական սպառնալիքներով:

Այդ սպառնալիքներու պայմաններուն տակ իրականացուած սադրիչ գործողութեան հետեւանքներուն ողջ պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը»,- գրած է ան: