Այսօր պիտի յայտարարուի ընդդիմութեան գլխաւոր թեկնածուին անունը. Արծուիկ Մինասեան

2020-12-03
Image

Որոշիչ հանրահաւաքի մասին վաղը յայտարարութիւն պիտի ըլլայ։ Այս մասին երէկ՝ 2 դեկտեմբերին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով «Արժանապատւութեան երթի» ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՅԴ անդամ Արծուիկ Մինասեանը։

«Չեմ ուզում փակագծերը բացել, բայց թող ժողովուրդն իմանայ, որ այն սպասելիքները, որոնք արտաբերուել էին այս ընթացքում՝ ապագայ զարգացումների հետ կապուած, նոր ձեւաւորուելիք անցումային կառավարութեան մասին, վաղը յայտարարութեան տեսքով կը ներկայացուեն եւ առաջին օրերին մեծ հանրահաւաք կը լինի», -ըսած է Մինասեանը:

Հարցին՝ երկրի ղեկավարի թեկնածուի կամ թեկնածուներու մասին եւս պիտի յայտարարուի՞, Արծուիկ Մինասեանը պատասխանած է. «Այո, անպայման. վաղը»։