Անդրանիկ Փիլոյեան այլեւս նախարար չէ

2022-04-02
Image

ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը հրամանագիր ստորագրած է արտակարգ իրավիճակներու նախարար Անդրանիկ Փիլոյեանը պաշտօնէն ազատելու վերաբերեալ:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 131-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի 5-րդ յօդուածի 1-ին մասի.

Անդրանիկ ՓԻԼՈՅԵԱՆԻՆ ազատել արտակարգ իրավիճակների նախարարի պաշտօնից», ըսուած է նախագահի հրամանագրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Փիլոյեանին մեղադրանք առաջադրուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 311-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 3-րդ կէտով` «խոշոր չափերով կաշառք ստանալը» (3 դրուագ): Ան կալանաւորուած է: