Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր պիտի այցելեն Իսրայէլէն եւ Սուրիայէն պատգամաւորներ

Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր պիտի այցելեն եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեն Հայաստան-Իսրայէլ եւ Հայաստան-Սուրիա խորհրդարանական բարեկամական խումբերու ներկայացուցիչներ: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին մամլոյ սրահէն ներս յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան:
Անոր խօսքով՝ այս պահու դրութեամբ յայտնի է, որ յուշահամալիր պիտի այցելեն նաեւ Հոլանտայէն նախարար մը եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչը:
Անդրադառնալով ապրիլ 24-ին ընդառաջ տեղի ունենալիք միջոցառումներուն` Մարութեան նշեց, որ ապրիլ 20-22-ին տեղի պիտի ունենայ հայաստանեան իրականութեան մէջ իր տեսակով առայժմ եզակի «Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման մարտահրաւէրները 21-րդ դարուն» խորագրով միջազգային գիտաժողովը, որուն ծիրէն ներս պիտի ներկայացուի 29 զեկոյց: Զեկուցողներու շարքին պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներէն, Սպանիայէն , Քամպոճիայէն, Իսրայէլէն, Ռուանտայէն եւ Լիբանանէն ներկայացուցիչներ:
Մարութեանը նշեց, որ ապրիլ 20-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն ներս պիտի բացուի ժամանակաւոր ցուցահանդէս մը՝ «Հայկական վարժարաններու հետքերով. ուսեալ ազգի վկայագիրերը» խորագրով:
«Հայ ժողովուրդը հսկայական ժառանգութիւն ձգած է Օսմանեան կայսրութեան, Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ: Հայերը կը յաջողէին կրթական գործը կազմակերպել՝ հակառակ բոլոր ճնշումներուն: Ցուցահանդէսը կ’անդրադառնայ ատոր»,-ըսաւ ան՝ յաւելելով, որ ցուցահանդէսին հեղինակը ժամանակաւոր ցուցադրութիւններու գծով պատասխանատու Սեդա Պարսամեանն է:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնին խօսքով՝ ապրիլ 23-ին, ժամը 12:00-ին, թանգարանէն ներս պիտի բացուի ֆրանսահայ նկարիչ Ժան Փիեր Սեֆերեանի կրաֆիքական նկարներու ցուցահանդէսը: «Ապրիլ 29-ին, ժամը 11:00-ին պիտի բացուի «Հայկական սարսափները հոլանտացիներուն աչքերով» ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը»,- տեղեկացուց Մարութեան: