Առաջնահերթ խնդիրներէն է Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակի կարգաւորումը․ Լաւրով

2023-03-20
Image

Ռուսիա պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի յարաչափերու համաձայնեցման․ մարտ 20-ին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար Սերգէյ Լաւրովը։

«Պատրաստ ենք, ինչպէս եւ ամրագրուած է եռակողմ յայտարարութիւններուն մէջ, ցուցաբերելու օժանդակութիւն փոխադրային կապերու ապաշրջափակման, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման, խաղաղութեան պայմանագրի յարաչափերու համաձայնեցման»,-ըսած է Լաւրով:

Ան նշած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին առանձնակի ուշադրութիւն պիտի դարձուի տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն։

«Առաջնահերթ խնդիրներէն է Լաչինի միջանցքի շուրջ իրավիճակի կարգաւորումը, եւ, ընդհանուր առմամբ, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ»,- ըսած է Սերգէյ Լաւրով։

Անոր խօսքով՝ կասկած չկայ, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւնները բոլոր որոշումներու իրագործման առանցքն են։