Ատրպէյճանական զինուժը կրակ բացած է Կարմիր Շուկայ գիւղի ուղղութեամբ

Ատրպէյճանական զինուժը կրակ բացած է Արցախի Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ գիւղի ուղղութեամբ։ Տեղեկութիւնը հաստատեց Թաղավարդի գիւղապետ Օլեկ Յարութիւնեանը:
Անոր խօսքով, կրակահերթի հետեւանքով հրդեհուած է Արցախի բնակիչներէն մէկուն ինքնաշարժը: Կրակը մարած է, իրավիճակը հանգիստ է, տուժածներ չկան:
Նշենք, որ 8 Յունուարին ալ ատրպէյճանական զինուժը կրակոցներ արձակած է Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժա համայնքին կից սահմաններու ուղղութեամբ։