Ատրպէյճանական զինուժը 3 ական եւ երկու արկ արձակած է Խնապատ եւ Փառուխ գիւղերու ուղղութեամբ

2022-03-11
Image

Ատրպէյճանի զինուժը ականանետ կիրառած է Խնապատ գիւղի ուղղութեամբ, իսկ Թաղավարդի մէջ բարձրախօսով գիւղը լքելու կոչեր կը հնչեցնեն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի ոստիկանութիւնը:

Հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսուի. «Այսօր` Մարտի 11-ին, ժամը 10:20-ի սահմաններում ատրպէյճանական կողմը, նախնական տուեալներով ականանետի 120 մմ-ոց 2 արկ է արձակել Ասկերանի շրջանի Խնապատ գիւղի դպրոցամերձ տարածքի ուղղութեամբ:

Տուժածներ չկան:

Իսկ Մարտունու շրջանի Թաղավարդ գիւղի յարակից ատրպէյճանական դիրքերից այս պահին բարձրախօսներով գիւղը լքելու սպառնալիքներ են հնչում»: