Ատրպէյճանական կողմը այսօր կրկին փորձած է յառաջխաղացում կատարել, որ կասեցուած է․ ԼՂ ՊԲ

2023-03-27
Image

Այսօր առաւօտեան ժամը 9։00-ի սահմաններուն ատրպէյճանական Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումը փորձած է յառաջխաղացում կատարել Ստեփանակերտ-Լիսագոր ճանապարհի յարակից բարձունքներէն մէկու ուղղութեամբ:

Այս մասին յայտնած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակը՝ նշելով, որ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող Պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներու կանխարգելիչ գործողութիւններոս շնորհիւ ատրպէյճանական ստորաբաժանման յառաջխաղացման փորձը կասեցուած է։

Միջադէպի մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։

Ատրպէյճանական կողմը միջադէպի մասին առայժմ չէ հաղորդած: