Ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն կրակած են նռան այգիի մէջ աշխատող արցախցիներու ուղղութեամբ

2023-03-27
Image

Ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն կրակած են Մարտակերտ քաղաքի վարչական տարածքին մէջ գտնուող նռան այգիի մէջ աշխատող քաղաքացիական անձանց ուղղութեամբ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը։

«Մարտի 27-ին ժամը 11:30-ին, Արցախի Հանրապետութեան պետական տեսչութիւնների կառավարման կոմիտէի Մարտակերտի շրջանի գլխաւոր մասնագէտ Ալեոշա Զաքարեանը ոստիկանութեան շրջանային բաժնում հաղորդած է, որ երէկ՝ մարտի 26-ին, Մարտակերտ քաղաքի վարչական տարածքում հակառակորդի կողմից իրենց ուղղութեամբ անկանոն կրակոցներ արձակելու մասին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ոստիկանութեան ծառայողները պարզած են, որ նոյն օրը ժամը 11:30-ի սահմաններուն Մարտակերտ քաղաքի վարչական տարածքին մէջ պետական տեսչութիւններու կառավարման կոմիտէին պատկանող նռան այգիին մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելու ժամանակ, ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն բանուորներու ուղղութեամբ հրաձգային զինատեսակներէ անկանոն կրակոցներ արձակուած է:

Ըստ աղբիւրի՝ ոչ ոք տուժած է: Դադրեցուած է գիւղատնտեսական աշխատանքները: Ոստիկանութիւնը տեղեկութիւնը հաղորդած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին: