Ատրպէյճանական ուժերը շարունակած են տեղաշարժը Քարագլուխ բարձունքի տարբեր ուղղութիւններով

2022-03-28
Image

Արցախի կառավարութեան հաղորդմամբ` ատրպէյճանական զինուած ուժերը  շարունակած են տեղաշարժն ու ակրեսիւ գործողութիւնները Քարագլուխ բարձունքի տարբեր ուղղութիւններով: Քանիցս տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, ատրպէյճանական ներթափանցման բնոյթի գործողութիւնները կասեցուած են:

«Մարտավարական իրադրութիւնը շփման գծի տուեալ հատուածում շարունակում է լարուած մնալ, աշխատանքներ են տարւում ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ: Շփման գծի միւս հատուածներում իրավիճակը հանգիստ է», կը փոխանցեն Արցախէն:

Խրամորթի մէջ Պաշտպանութեան բանակի զինուորները պատրաստ են դիմակայելու Ատրպէյճանի հնարաւոր սադրանքներուն, տեղի բնակիչները եւս ինքնապաշտպանական ջոկատ ստեղծած․ այս մասին հաղորդած է civilnet.am-ը:

Նշուած էր, որ ատրպէյճանցիները Փառուխ գիւղի ուղղութեամբ յառաջ շարժած են եւ իրենց վերահսկողութեան տակ վերցուցած են որոշ կէտեր․ «Բարձունք են վերցրել, որը գերակայ դիրք ունի յարակից գիւղերի` Նորագիւղի, Խնաբադի նկատմամբ»:

Իր հերթին Արցախի տեղեկատուական շտաբը հաղորդած է, որ խաղաղապահները իրենց յենակէտերուն վրայ են, բանակցութիւնները կը շարունակուին:

«Տեղեկացնում ենք, որ Ասկերանի շրջանի Փառուխ եւ Խրամորթ բնակավայրերի ուղղութեամբ շփման գծի պահպանութիւնը եւ այդ համայնքներում ապրող խաղաղ բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը գտնւում է Արցախի Հանրապետութիւնում տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութեան տիրոյթում», կը հաղորդէ Արցախի տեղեկատուական շտաբը:

Աւելի կանուխ եւս հաղորդուած էր, որ Ատրպէյճանական ստորաբաժանումները Շաբաթ օր առաւօտեան կրկին դիմած են ակրեսիւ գործողութիւններու` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրառմամբ փորձելով յառաջխաղացում ապահովել արեւելեան սահմանագօտիի ուղղութեամբ, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան տակ գտնուող տարածքէն ներս:

«Ձեռնարկւում են քայլեր` խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ իրադրութեան հանգուցալուծման ուղիներ գտնելու ուղղութեամբ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Հայկական կողմը հերքած է նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան պնդումը, թէ առաւօտեան պաշտպանութեան բանակը ներթափանցման փորձ կատարած է ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումներուն դէմ:

Բնակիչներու անվտանգութեան համար տարհանուած են Փառուխին հարեւան Խրամորթ գիւղի կանայք եւ երեխաները: Աւելի ուշ Արցախի Տեղեկատուական Շտաբը յայտնեց, որ Ասկերանի շրջանի Փառուխ եւ Խրամորթ բնակավայրերուն ուղղութեամբ ստեղծուած իրավիճակը կը գտնուի ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան տակ: Այդուհանդերձ, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, 24 մարտի գիշերը հայկական եւ ատրպէյճանական ուժերուն միջեւ փոխհրաձգութիւն տեղի ունեցած է, հայկական կողմէ վիրաւորուած է 5 զինուոր, ատրպէյճանական կողմը 5 զոհ ունի: