Ատրպէյճանական սեպտեմբերեան յարձակման առնչուող քրէական գործերով 11 մեղադրեալ հայ զինծառայող կայ, մեծ մասը կալանաւորուած է

Ատրպէյճանական սեպտեմբերեան յարձակման ժամանակ հայկական զինուած ուժերու գործողութիւններուն առնչուող քրէական գործերով 11 մեղադրեալ կայ։ Այս մասին Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է Քննչական Կոմիտէի նախագահ Արգիշտի Քեարամեանը՝ նշելով, որ անոնց մեծ մասը կալանաւորուած են։
Արգիշտի Քեարամեանը տեղեկացուցած է, որ գործերէն 4-ն արդէն ուղարկուած է դատարան։ Մեղադրեաները միջին օղակի սպաներ եւ զինծառայողներ են։
«Ըստ ուղղութիւնների ենք քննութիւնն իրականացնում, բաժանումն ըստ մարզերի է` Գեղարքունիքի, Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի ուղղութիւններ»,– նշած է Քեարամեան։
Քննչական Կոմիտէի նախագահի խօսքով՝ 17 վարոյթ նախաձեռնուած է, որոնց մեծ մասը հետագային միաւորուած են մէկ վարոյթի մէջ։
Արգիշտի Քեարամեանը տեղեկացուցած է նաեւ, որ ատրպէյճանական յարձակման առնչուող 22 վարոյթ նախաձեռնուած է, որոնք հետագային միացուած են մէկ վարոյթի մէջ։ Մեղադրեալներ չկան։
Սեպտեմբերեան ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմէն կայ շուրջ 600 տուժած անձ։