Ատրպէյճանը խաղաղապահներու միջնորդութեամբ վերադարձուցած է 1 յունուարէն որոնուող Ճարտարի բնակիչը

Արցախի ԱԱԾ-ն, մեկնաբանելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններն առ այն, որ Արցախի Հանրապետութեան բնակիչը իբրեւ հանդիպած է Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղին փակած ատրպէյճանցի «բնապահպաններու» հետ եւ անոնցմէ սնունդ խնդրած, մանրամասնած է, որ այդ պնդումները կեղծ են, համապատասխան քատրերն ալ՝ բեմականացուած. Արցախի Հանրապետութեան բնակիչ Թորոս Ղազարեան Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ յայտնուած է Ճարտար քաղաքի վարչական տարածքին մէջ:
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան ԱԱԾ հաղորդագրութեան՝ 2023թ. յունուար 1-ին Արցախի Հանրապետութեան Մարտունիի շրջանի Ճարտար քաղաքի բնակիչ Թորոս Ղազարեանը, որ կը զբաղի անասնապահութեամբ, արօտավայրէն տուն չէր վերադարձած, որու կապակցութեամբ նախաձեռնուած են որոնողական աշխատանքներ: Քանի որ մեծ էր հաւանականութիւնը, որ ունենալով առողջական խնդիրներ, վերջինս կրնար մոլորուելու հետեւանքով անցնիլ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածք, այդ մասին հաղորդուած էր նաեւ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ղեկավարութեան՝ ատրպէյճանական կողմէ տեղեկութիւն ստանալու նպատակով: Յունուարի մէկէն առ այսօր ատրպէյճանական կողմը ոչ միայն չէր հաստատած, այլեւ հերքած էր Թ.Ղազարեանի՝ իրենց տիրապետութեան տակ գտնուիլը:
«Մեր քաղաքացու կեանքն ու առողջութիւնը վտանգի չենթարկելու համար, առանց հանրայնացման շարունակել ենք խաղաղապահների միջնորդութեամբ ատրպէյճանական կողմի հետ բանակցութիւնները, որի արդիւնքում Ատրպէյճանն այսօր հաստատել է Թ.Ղազարեանի՝ իրենց մօտ գտնուելու հանգամանքը եւ Ստեփանակերտ-Գորիս ավտոճանապարհի արգելափակուած հատուածում փոխանցել ռուս խաղաղապահներին՝ քաղաքական ու քարոզչական նկատառումներով դրան հաղորդելով այլ երանգներ եւ տալով ցանկալի մեկնաբանութիւններ ու գնահատականներ:
Արցախեան կողմին փոխանցուած Թ.Ղազարեանը արդէն հետազօտուել է, բժիշկները նրա առողջական վիճակը գնահատել են բաւարար: ԱՀ իրաւապահ մարմինների կողմից նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջանակում ձեռնարկուելու են բոլոր միջոցները քաղաքացի Թ.Ղազարեանի կողմից Ատրպէյճանի զինուած ուժերի վերահսկողութեան տակ յայտնուելու դէպքի հանգամանքները լրիւութեամբ պարզելու ուղղութեամբ:
Ատրպէյճանական կողմի այսօրուայ բեմականացումը մէկ անգամ եւս փաստում է, որ վերջիններիս նպատակը ոչ թէ իրականութեան հետ առերեսուելն ու այն ընդունելն է, այլ միջազգային հանրութեանն ու ներքին լսարանին կեղծ թէզերով ու քարոզչական նիւթերով մոլորեցնելը», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: