Ատրպէյճանը հրետանային կրակ բացած է Սոթքի ուղղութեամբ, հայկական կողմն ունի երեք վիրաւոր

2023-05-11
Image

10:04

Ժամը 10:00-ի դրութեամբ Սոթքի ուղղութեամբ լարուածութիւնը էականօրէն նուազած է, հաղորդած է պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Գերատեսչութենէն յայտնած են, որ վիրաւորում ստացած զինծառայողներու առողջական վիճակի մասին լրացուցիչ հաղորդագրութեամբ հանդէս կու գան։

9:35

Ժամը 09:30-ի դրութեամբ Սոթքի ուղղութեամբ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ, յայտնած է Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արամ Թորոսյանը։

«Ադրբեջանի ԶՈւ ստորաբաժանումները շարունակում են կրակը հայկական դիրքերի ուղղութեամբ: ՀՀ զինուած ուժերի ստորաբաժանումները ձեռնարկում են համապատասխան պաշտպանական-կանխարգելիչ միջոցառումներ: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս կու գայ լրացուցիչ հաղորդագրութեամբ»,- դիմատետրի իր էջին գրած է Թորոսեանը։

***

Մայիս 11-ին՝ ժամը 06:00-էն, Ատրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները հրետանային եւ ականանետային միջոցներէ կրակ բացած են Սոթքի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, յայտնած է պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

09:20-ի դրութեամբ հայկական կողմը ունի 3 վիրաւոր։ Սոթքի ուղղութեամբ իրադրութեան փոփոխութիւն չկայ, հակառակորդը կը շարունակէ կրակել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ։

Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են նաեւ, որ անյայտ ծագում ունեցող թելեկրամեան որոշ ալիքներ ապատեղեկատւութիւն կը տարածեն վիրաւորներու թիւի մասին: