Ատրպէյճանը միտումնաւոր կերպով կը խաթարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքներու բնականոն աշխատանքը

2022-03-23
Image

Ատրպէյճանը միտումնաւոր կերպով կը խաթարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքներու բնականոն աշխատանքը, ինչ որ ակնյայտօրէն կը յանգեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի ստեղծման, կը յայտարարէ պաշտօնական Երեւանը:

Ատրպէյճանական կողմի ակնյայտ միջամտութեամբ Շուշի քաղաքի մօտակայքը` ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ, կրկին խափանուած է Հայաստանէն բնական կազի մատակարարումը Լեռնային Ղարաբաղ: Այսպիսով, ձիւնի աննախադէպ տեղումներու եւ աննախադէպ ցրտաշունչ եղանակային պայմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ 120.000 բնակչութիւնը զրկուած է կենսական անհրաժեշտ կազամատակարարումէ:

Ընդամէնը մի քանի օր առաջ Ատրպէյճանը 8 օր շարունակ թոյլ չէր տար աշխատանքներ իրականացնել նոյն տեղանքին մէջ չպարզուած հանգամանքներոէ արկածի ենթարկուած կազատարի վերանորոգման ուղղութեամբ:

Այսպիսով, բացի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ հոգեբանական ճնշում գործադրելուն ուղղուած իր շարունակական գործողութիւններէն եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային մարդասիրական կառոյցներու մուտքը խոչընդոտելէ, Ատրպէյճանը միտումնաւոր կերպով կը խաթարէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքներու բնականոն աշխատանքը, ինչ որ ակնյայտօրէն կը յանգեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի ստեղծման: Անթոյլատրելի կը համարենք արցախահայութեան նկատմամբ կանոնաւոր բռնութեան այս աղաղակող քաղաքականութիւնը:

Ստեղծուած իրավիճակը հրատապ կը դարձնէ մարդասիրական ճգնաժամի կանխման նպատակով միջազգային հանրութեան յստակ արձագանգը, ինչպէս նաեւ միջազգային մարդասիրական կառոյցներու անյապաղ եւ անխոչընդոտ ներգրաւուածութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: