Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պէտք է ետ քաշուին 11 Մայիսի դրութեամբ զբաղցուցած դիրքեր. Ֆիլիփ Ռիքըր

2021-06-11
Image

9 Յունիսին ԱՄՆ պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըրը հանդիպում ունեցած է ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մէջ:

ԱԳՆ-էն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին ՀՀ եւ ԱՄՆ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաները քննարկած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ: Յատուկ անդրադարձ կատարուած է ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման, հայ ռազմագերիներու եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիական անձանց անյապաղ հայրենադարձման, ինչպէս նաեւ` Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ ՀՀ ինքնիշխան տարածք ներթափանցման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին:

Երկուստեք վերահաստատուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու ձեւաչափի առանցքային դերակատարութեան շարունակականութիւնը ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ: Կարեւորուած է առաջացած մարդասիրական հարցերու հասցէագրումը եւ Արցախ միջազգային մարդասիրական օգնութեան անարգել մուտքը:

Ամերիկեան կողմը ընդգծած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տիրող իրավիճակի լարուածութեան թուլացման անհրաժեշտութիւնը` վերահաստատելով ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան 27 Մայիսի յայտարարութեամբ ամրագրուած դիրքորոշումն առ այն, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը պէտք է ետ քաշուին 11 Մայիսի դրութեամբ զբաղցուցած դիրքեր։

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգելման օրակարգի շուրջ: Ընդգծուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը՝ որպէս ապագային նման յանցագործութիւնները կանխարգիլելու գործուն միջոց:

Քննարկուած են նաեւ ՀՀ-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան ձեւաչափով իրականացուող հետագայ աշխատանքները: