Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատուութիւն տարածել. ՀՀ ՊՆ

2022-03-08
Image

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ ապատեղեկատուութիւն տարածել հայ-ատրպէյճանական սահմանի այս կամ այն հատուածին մէջ ՀՀ զինուած ուժերու կողմէ ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու մարտական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ բանալու վերաբերեալ:

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ մասնաւորապէս, Մարտ 8-ին Ատրպէյճանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը հաղորդագրութիւն տարածած է, թէ նոյն օրը, առաւօտեան, ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ բացած հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ: Այս տեղեկութիւնը նոյնպէս չի համապատասխաներ իրականութեան:

Մարտ 7-ին, սահմանին նոյն ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմի իրականացուցած սադրանքէն յետոյ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ ԶՈՒ լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: