Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները խախտած են նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւնը եւ հատած շփման գիծը. ՌԴ ՊՆ

2023-03-27
Image

«2023 թուականի 25 մարտին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումը, խախտելով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան առաջին կէտը, հատած է Շուշիի շրջանի շփման գիծը, գրաւած 2054.0 բարձունք (Սարիպապա լեռէն 2,9 քմ հիւսիս-արեւելք) եւ սկսած դիրքի երկրաչափական սարքաւորում»,- ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի տեղեկատուական տեղեկագրով։

Նշուած է, որ ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը միջոցներու կը ձեռնարկէ՝ ուղղուած ճգնաժամային իրավիճակի սրումը կանխելու եւ «հակամարտող կողմերու փոխադարձ սադրանքները չթոյլատրելու»։

«Ատրպէյճանական կողմը տեղեկացուած է պետութիւններու ղեկավարներու եռակողմ համաձայնագիրներու դրոյթները կատարելու, երկրաչափական աշխատանքները դադրեցնելու եւ ազգային զինուած ուժերու ստորաբաժանումները նախապէս գրաւուած դիրքերէն դուրս բերելու համար միջոցներու ձեռնարկելու անհրաժեշտութեան մասին»,- ըսուած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում արձանագրուած է նաեւ Ղարաբաղի Մարտունիի շրջանը։ Տուժածներ չկան։ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ուժերը կը հետաքննեն այս փաստը։

Շուշիի, Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիներով, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։