Ատրպէյճանի փոխանցած 106 աճիւններն անճանաչելի են

2021-02-17
Image

Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկա-Շեխեր համայնքներու խաչմերուկին վրայ Ատրպէյճանը հայկական կողմին փոխանցած է ռազմագործողութիւններու ընթացքին զոհուած զինծառայողներու եւս 106 աճիւն: Այս մասին տեղեկացուցած են ԱՀ ԱԻՊԾ-էն։

Արցախի փրկարարները ԱԻ պետական ծառայութեան տնօրէն գնդապետ Մեխակ Արզումանեանի գլխաւորութեամբ, մարմինները վերադարձուցած են Ստեփանակերտ: Բոլորը անճանաչելի են: Կ'ենթադրուի, որ տղաները նախապէս յուղարկաւորուած եղած են, եւ դիերը արտաշիրիմումէ ետք փոխանցուած են Վարանդայի (Ֆիզուլի), Հադրութի եւ Ջրականի (Ճեպրայիլ) շրջաններէն:

Ստեփանակերտի դատաբժշկական փորձաքննութեան բիւրոյին մէջ եղած է ԱՀ Ներքին գործոց նախարար Կարէն Սարգսեանը: Նախարարը հաւաստիացուցած է, որ զոհուած կամ անյայր կորսուած զինծառայողներու որոնումներու ուղղութեամբ կը ձեռնարկուին հնարաւոր ամէն քայլ, նշելով, որ բանակցութիւններն առաջիկային եւս պիտի շարունակուին: Ան նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուած զինծառայողներու ծնողներուն, մաղթած է ուժ եւ համբերութիւն՝ համազգային ցաւին դիմակայելու համար:

Նշենք, որ հրադադարէն ետք որոնումներու շնորհիւ յայտնաբերուած կամ Ատրպէյճանի կողմէ փոխանցուած դիերու ընդհանուր թիւը 1485 է: