Ատրպէյճանցիները ոչնչացուցած են Մեծ Թաղեր գիւղի հայկական գերեզմանատունը

2021-05-05
Image

Կովկասեան ժառանգութեան դիտորդական խումբը (CHW) կ'ահազանգէ, որ ոչնչացուած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Հադրութի շրջանին մէջ գտնուող Մեծ Թաղեր գիւղի հայկական գերեզմանատունը։

Գերեզմանատունը հիմնադրուած է 19-րդ դարի սկիզբը եւ օգտագործուած է մինչեւ 2020 թուականը, երբ հայերը պատերազմի պատճառով տարհանուած են գիւղէն: Արբանեակային պատկերը ցոյց կու տայ անոր ամբողջական ոչնչացումը: Նկարին մէջ կ'երեւի պուլտոզըրի (հողաբարձ մեքենայ) հետքը:

Ըստ հետազօտողներու՝ նոյն գիւղին մէջ, կարծես, շինարարութեան սպառնալիքի տակ յայտնուած է 1846 թ. Հիմնուած Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին: Ապրիլի դրութեամբ եկեղեցիէն անմիջապէս արեւելք ինկած հատուածը պուլտոզեր տեղադրուած էր, եւ բեռնատար մեքենաները կայանած էին մաքրման տարածքին մէջ:

Կովկասեան ժառանգութեան դիտորդը մտահոգուած է եկեղեցւոյ ապագայով եւ կոչ կ'ընէ պաշտպանել այն: